1Յետոյ, քովը կանչելով իր տասներկու աշակերտները, իշխանութիւն տուաւ անոնց՝ անմաքուր ոգիներուն վրայ, որպէսզի դուրս հանեն զանոնք, ու բուժեն ամէն տեսակ ախտ եւ ամէն տեսակ վատառողջութիւն:
2Ահա՛ւասիկ տասներկու առաքեալներուն անունները.- առաջինը՝ Սիմոն, որ Պետրոս կը կոչուի, եւ անոր եղբայրը՝ Անդրէաս,
3Յակոբոս Զեբեդեան եւ անոր եղբայրը՝ Յովհաննէս, Փիլիպպոս ու Բարթողոմէոս, Թովմաս եւ Մատթէոս՝ մաքսաւորը, Յակոբոս Ալփեան ու Ղեբէոս՝ որ Թադէոս մականուանուեցաւ,
4Սիմոն Կանանացի եւ Յուդա Իսկարիովտացի, որ մատնեց զայն:
5Յիսուս ղրկեց այս տասներկուքը եւ պատուիրեց անոնց. «Մի՛ երթաք հեթանոսներու ճամբայէն, ու մի՛ մտնէք Սամարացիներու որեւէ քաղաք,
6այլ մանաւանդ գացէ՛ք Իսրայէլի տան կորսուած ոչխարներուն:
7Երբ երթաք, քարոզեցէ՛ք եւ ըսէ՛ք. “Երկինքի թագաւորութիւնը մօտեցած է”:
10ո՛չ ճամբորդութեան համար պարկ, ո՛չ կրկին բաճկոն, ո՛չ կօշիկ, ո՛չ գաւազան. որովհետեւ գործաւորը արժանի է իր կերակուրին:
11Երբ քաղաք մը կամ գիւղ մը մտնէք, տեղեկացէ՛ք թէ ո՛վ է արժանաւորը անոր մէջ, եւ մնացէ՛ք անոր քով՝ մինչեւ որ մեկնիք անկէ:
12Երբ տուն մտնէք, բարե՛ւ տուէք անոր:
13Եթէ այդ տունը արժանի է, ձեր բարեւը թող գայ անոր վրայ. իսկ եթէ արժանի չէ, ձեր բարեւը թող վերադառնայ ձեզի:
14Եթէ մէկը չընդունի ձեզ ու մտիկ չընէ ձեր խօսքերը, երբ մեկնիք այդ տունէն կամ քաղաքէն, թօթուեցէ՛ք ձեր ոտքերուն փոշին:
15Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Սոդոմացիներու եւ Գոմորացիներու երկրին աւելի՛ դիւրին պիտի ըլլայ դատաստանին օրը, քան այդ քաղաքին”»:
16«Ահա՛ կը ղրկեմ ձեզ իբր ոչխարներ՝ գայլերու մէջ. ուրեմն խորագէ՛տ եղէք օձերու պէս, եւ աննենգ՝ աղաւնիներու պէս:
17Իսկ զգուշացէ՛ք մարդոցմէ. որովհետեւ ատեաններու պիտի մատնեն ձեզ, ու պիտի խարազանեն ձեզ իրենց ժողովարաններուն մէջ:
18Կառավարիչներու եւ թագաւորներու առջեւ պիտի տարուիք՝ իմ պատճառովս, իբր վկայութիւն անոնց ու հեթանոսներուն:
19Բայց երբ մատնեն ձեզ, մի՛ մտահոգուիք թէ ի՛նչպէս կամ ի՛նչ պիտի խօսիք, որովհետեւ ինչ որ պիտի խօսիք՝ պիտի տրուի ձեզի այդ ժամուն:
20Որովհետեւ ո՛չ թէ դուք էք որ պիտի խօսիք, հապա ձեր Հօր Հոգին՝ որ պիտի խօսի ձեր մէջ:
21Եղբայրը մահուան պիտի մատնէ իր եղբայրը, եւ հայրը՝ զաւակը. ու զաւակներ պիտի ելլեն իրենց ծնողներուն դէմ եւ մեռցնեն զանոնք:
22Բոլորին ատելի պիտի ըլլաք իմ անունիս համար. բայց ո՛վ որ տոկայ մինչեւ վախճանը, անիկա՛ պիտի փրկուի:
23Երբ այս քաղաքին մէջ հալածեն ձեզ, փախէ՛ք ուրիշ քաղաք մը. որովհետեւ ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Պիտի չաւարտէք Իսրայէլի քաղաքները, մինչեւ որ մարդու Որդին գայ”:
24Աշակերտը գերիվեր չէ իր վարդապետէն, ո՛չ ալ ծառան՝ իր տիրոջմէն:
25Բաւական է աշակերտին՝ որ իր վարդապետին պէս ըլլայ, ու ծառային՝ իր տիրոջ պէս: Եթէ տանուտէրը կոչեցին Բէեղզեբուղ, ո՜րչափ աւելի՝ անոր տնեցիները»:
26« Ուրեմն մի՛ վախնաք անոնցմէ, որովհետեւ ոչինչ կայ ծածկուած՝ որ պիտի չյայտնուի, ու գաղտնի՝ որ պիտի չգիտցուի:
27Ինչ որ կ՚ըսեմ ձեզի խաւարի մէջ՝ խօսեցէ՛ք զայն լոյսի մէջ, եւ ինչ որ կը լսէք ականջի մէջ՝ քարոզեցէ՛ք տանիքներուն վրայ:
28Մի՛ վախնաք անոնցմէ՝ որ մարմինը կը սպաննեն ու չեն կրնար անձը սպաննել. այլ մանաւանդ վախցէ՛ք անկէ՝ որ կրնայ անձը եւ մարմինը կորսնցնել գեհենին մէջ:
29Երկու ճնճղուկ չե՞ն ծախուիր մէկ դանգի. սակայն անոնցմէ ո՛չ մէկը գետին կ՚իյնայ առանց ձեր Հօր կամքին:
30Բայց ձեր գլուխին բոլոր մազերն ալ համրուած են:
31Ուրեմն մի՛ վախնաք, որովհետեւ դուք շատ ճնճղուկներէ աւելի կ՚արժէք»:
32«Ուստի ո՛վ որ դաւանի զիս մարդոց առջեւ, ես ալ պիտի դաւանիմ զինք Հօրս առջեւ՝ որ երկինքն է:
33Իսկ ո՛վ որ ուրանայ զիս մարդոց առջեւ, ես ալ պիտի ուրանամ զինք Հօրս առջեւ՝ որ երկինքն է»:
34«Մի՛ կարծէք թէ ես եկայ խաղաղութիւն ձգելու երկրի վրայ: Ես եկայ ո՛չ թէ խաղաղութիւն ձգելու, հապա՝ սուր:
35Որովհետեւ եկայ զատելու մարդը իր հօրմէն, եւ աղջիկը՝ իր մօրմէն, ու հարսը՝ իր կեսուրէն:
36Մարդուն թշնամիները՝ իր տնեցինե՛րը պիտի ըլլան:
37Ա՛ն որ ինձմէ աւելի կը սիրէ իր հայրը կամ մայրը՝ ինծի արժանի չէ, եւ ա՛ն որ ինձմէ աւելի կը սիրէ իր որդին կամ աղջիկը՝ ինծի արժանի չէ:
38Ա՛ն որ իր խաչը չ՚առներ ու իմ ետեւէս չի գար, ինծի արժանի չէ:
39Ա՛ն որ կը գտնէ իր անձը՝ պիտի կորսնցնէ զայն, եւ ա՛ն որ կը կորսնցնէ իր անձը ինծի համար՝ պիտի գտնէ զայն»:
40«Ա՛ն որ ձեզ կ՚ընդունի՝ զի՛ս կ՚ընդունի. եւ ա՛ն որ զիս կ՚ընդունի՝ զիս ղրկո՛ղը կ՚ընդունի:
41Ա՛ն որ մարգարէ մը կ՚ընդունի՝ մարգարէի անունով, մարգարէի վարձատրութիւն պիտի ստանայ. ու ա՛ն որ արդար մը կ՚ընդունի՝ արդարի անունով, արդարի վարձատրութիւն պիտի ստանայ:
42Եւ ո՛վ որ այս պզտիկներէն մէկուն միայն գաւաթ մը պաղ ջուր խմցնէ՝ աշակերտի անունով, ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի, բնա՛ւ իր վարձատրութիւնը պիտի չկորսնցնէ»: