1Պօղոս, Աստուծոյ ծառայ եւ Յիսուս Քրիստոսի առաքեալ՝ համաձայն Աստուծոյ ընտրեալներուն հաւատքին ու բարեպաշտութեամբ եղած ճշմարտութեան գիտակցութեան,
2յաւիտենական կեանքի յոյսով՝ որ անսուտն Աստուած խոստացաւ դարերու ժամանակներէն առաջ
3- բայց յատուկ ատենին իր խօսքը բացայայտեց քարոզութեամբ՝ որ վստահուեցաւ ինծի մեր Փրկիչ Աստուծոյ հրամանով - ,
4Տիտոսի՝ հարազատ զաւակիս հասարակաց հաւատքին համեմատ. շնորհք եւ խաղաղութիւն Հայր Աստուծմէ ու Տէր Յիսուս Քրիստոսէ՝ մեր Փրկիչէն:
5Ես ձգեցի քեզ Կրետէ, որպէսզի ուղղես բոլոր պակաս մնացած բաները ու երէցներ նշանակես ամէն քաղաքի մէջ՝ ինչպէս պատուիրեցի քեզի.
6եթէ մէկը ըլլայ անմեղադրելի, մէկ կնոջ ամուսին, եւ ունենայ հաւատարիմ զաւակներ, որոնք անառակութեան համար ամբաստանուած կամ ըմբոստ չըլլան:
7Որովհետեւ եպիսկոպոսը՝ իբր Աստուծոյ տնտես՝ պէտք է ըլլայ անմեղադրելի. ոչ ինքնահաւան, ոչ բարկացող, ոչ գինեմոլ, ոչ զարնող, ոչ ամօթալի շահախնդրութեան հետամուտ եղող,