16Արդարեւ մարդիկ երդում կ՚ընեն իրենցմէ մեծին վրայ, ու իրենց համար՝ երդո՛ւմը կը հաստատէ ամէն հակաճառութեան աւարտը:
17Ուստի Աստուած, փափաքելով աւելի ճոխութեամբ ցոյց տալ իր ծրագիրին անփոփոխ ըլլալը խոստումի ժառանգորդներուն, միջնորդեց երդումով մը,
18որպէսզի երկու անփոփոխելի բաներով - որոնց մէջ անկարելի է որ Աստուած ստէ - հզօր մխիթարութիւն ունենանք մենք՝ որ իբր ապաստան ամուր բռնեցինք մեզի առաջարկուած յոյսը:
19Մենք ունինք զայն որպէս ապահով եւ հաստատ խարիսխ մեր անձին. ան կը մտնէ վարագոյրին ներսի կողմն ալ,
20հոն ուր Յիսուս՝ իբր յառաջընթաց՝ մտաւ մեզի համար, յաւիտենական Քահանայապետ եղած՝ Մելքիսեդեկի կարգին համեմատ: