4Մօտեցէ՛ք անոր՝ ապրող քարին, որ արդարեւ մարդոցմէ մերժուած է, բայց Աստուծմէ ընտրուած ու պատուական է:
5Դո՛ւք ալ՝ ապրող քարերու պէս՝ կը շինուիք իբր հոգեւոր տաճար մը, սուրբ քահանայութիւն մը, որպէսզի մատուցանէք հոգեւոր զոհեր, Աստուծոյ ընդունելի՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով:
6Որովհետեւ Գիրքին մէջ ալ կայ. «Ահա՛ Սիոնի մէջ կը դնեմ ծայրագոյն անկիւնաքար մը, ընտիր ու պատուական, եւ ո՛վ որ հաւատայ անոր՝ բնա՛ւ ամօթահար պիտի չըլլայ»:
7Ուրեմն ձեզի՝ որ կը հաւատաք՝ պատուական է ան, իսկ անհնազանդներուն համար՝ «այն քարը՝ որ կառուցանողները մերժեցին, անիկա՛ եղաւ անկիւնաքարը,
8ու սայթաքումի քար եւ գայթակղութեան ժայռ» անոնց՝ որ խօսքին անհնազանդ ըլլալով կը գայթին, որուն համար ալ որոշուած էին:
9Բայց դուք ընտրուած ցեղ մըն էք, թագաւորական քահանայութիւն մը, սուրբ ազգ մը, սեփական ժողովուրդ մը, որպէսզի հռչակէք առաքինութիւնները անո՛ր՝ որ կանչեց ձեզ խաւարէն իր սքանչելի լոյսին:
10Ժամանակին ժողովուրդ չէիք, բայց հիմա Աստուծոյ ժողովուրդն էք. առանց ողորմութեան էիք, բայց հիմա ողորմութիւն գտաք:
11Սիրելինե՛ր, կ՚աղաչե՛մ ձեզի, պանդուխտներու եւ գաղթականներու պէս՝ ե՛տ կեցէք մարմնաւոր ցանկութիւններէն, որոնք կը մարտնչին անձին դէմ:
12Պարկե՛շտ վարք ունեցէք հեթանոսներուն մէջ, որպէսզի՝ այն բանին համար որ կը բամբասեն ձեզ իբր չարագործներ, այցելութեան օրը փառաւորեն Աստուած՝ տեսնելով ձեր բարի գործերը:
13Ուստի հպատակեցէ՛ք ամէն մարդկային հաստատութեան՝ Տէրոջ համար. ըլլա՛յ թագաւորին՝ որպէս բարձրագոյնին,
18Ծառանե՛ր, հպատակեցէ՛ք ձեր տէրերուն ամբողջ երկիւղածութեամբ. ո՛չ միայն բարիներուն եւ ազնիւներուն, այլ նաեւ կամակորներուն:
19Քանի որ եթէ մէկը՝ Աստուծոյ հանդէպ բարի խղճմտանքով՝ տոկայ անիրաւօրէն չարչարուելու տրտմութեան, ասիկա շնո՛րհք մըն է:
20Արդարեւ գովեստի արժանի ի՞նչ կայ, եթէ տոկաք՝ մինչ կը կռփահարուիք մեղանչած ըլլալով: Բայց եթէ տոկաք՝ մինչ կը չարչարուիք բարիք գործած ըլլալով, ասիկա շնո՛րհք մըն է Աստուծոյ քով:
21Քանի որ դուք կանչուեցաք այս բանին համար, որովհետեւ Քրիստո՛ս ալ չարչարուեցաւ ձեզի համար եւ օրինակ թողուց ձեզի՝ որպէսզի հետեւիք իր հետքերուն:
22Ան մեղք չգործեց, ո՛չ ալ նենգութիւն գտնուեցաւ անոր բերանին մէջ:
23Երբ կը հեգնուէր, փոխարէնը չէր հեգներ. կը չարչարուէր, բայց չէր սպառնար, հապա կը յանձնէր ինքզինք արդարութեամբ դատողին:
24Ի՛նք քաւեց մեր մեղքերը խաչափայտին վրայ՝ իր մարմինով, որպէսզի՝ զերծ ըլլալով մեղքէն՝ ապրինք արդարութեան համար: Դուք անոր վէրքերո՛վ բժշկուեցաք.
25որովհետեւ մոլորեալ ոչխարներու պէս էիք, բայց հիմա վերադարձաք ձեր անձերուն Հովիւին եւ Տեսուչին: