9 And when he had opened the fifth seal, I saw under the altar the souls of them that were slain for the word of God, and for the testimony which they held:
10 And they cried with a loud voice, saying, How long, O Lord, holy and true, dost thou not judge and avenge our blood on them that dwell on the earth?
11 And white robes were given unto every one of them; and it was said unto them, that they should rest yet for a little season, until their fellowservants also and their brethren, that should be killed as they were, should be fulfilled.
1Որդեակնե՛րս, կը գրեմ ձեզի այս բաները՝ որպէսզի չմեղանչէք. իսկ եթէ մէկը մեղանչէ, Հօրը քով ունինք Բարեխօս մը՝ Յիսուս Քրիստոս արդարը:
2Ա՛ն է մեր մեղքերուն քաւութիւնը. եւ ո՛չ միայն մեր, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհի մեղքերուն:
3Եթէ պահենք անոր պատուիրանները, ասո՛վ կը գիտնանք թէ կը ճանչնանք զայն:
4Ո՛վ որ կ՚ըսէ. «Ես կը ճանչնամ զայն», բայց չի պահեր անոր պատուիրանները, ստախօս է, եւ իր մէջ ճշմարտութիւն չկայ:
5Բայց ո՛վ որ կը պահէ անոր խօսքը, Աստուծոյ սէրը ի՛րապէս կատարեալ է իր մէջ. ասո՛վ կը գիտնանք թէ անոր մէջ ենք:
6Ո՛վ որ կ՚ըսէ թէ կը բնակի անոր մէջ, պարտաւոր է ընթանալ ա՛յնպէս՝ ինչպէս ա՛ն ընթացաւ:
7Եղբայրնե՛ր, կը գրեմ ձեզի ո՛չ թէ նոր պատուիրան մը, հապա հին պատուիրան մը՝ որ սկիզբէն ունէիք: Հին պատուիրանը այն խօսքն է՝ որ դուք սկիզբէն լսեցիք:
8Դարձեալ՝ կը գրեմ ձեզի նոր պատուիրան մը, որ ճշմարիտ է անոր մէջ եւ ձեր մէջ. որովհետեւ խաւարը կ՚անցնի ու ճշմարիտ լոյսը արդէն կը փայլի:
9Ա՛ն որ կ՚ըսէ թէ լոյսի մէջ է եւ կ՚ատէ իր եղբայրը, տակաւին խաւարի մէջ է:
10Ա՛ն որ կը սիրէ իր եղբայրը, կը բնակի լոյսի մէջ, ու գայթակղութիւն չկայ իր մէջ:
11Բայց ա՛ն որ կ՚ատէ իր եղբայրը՝ խաւարի մէջ է, խաւարի մէջ կը քալէ եւ չի գիտեր թէ ո՛ւր կ՚երթայ, որովհետեւ խաւարը կուրցուցած է իր աչքերը:
12Կը գրեմ ձեզի, որդեակնե՛ր, որովհետեւ ձեր մեղքերը ներուած են ձեզի՝ անոր անունին համար:
13Կը գրեմ ձեզի, հայրե՛ր, որովհետեւ դուք ճանչցաք ա՛ն՝ որ սկիզբէն է: Կը գրեմ ձեզի, երիտասարդնե՛ր, որովհետեւ դուք յաղթեցիք Չարին:
14Գրեցի ձեզի, զաւակնե՛ր, որովհետեւ դուք ճանչցաք Հայրը: Գրեցի ձեզի, հայրե՛ր, որովհետեւ դուք ճանչցաք ա՛ն՝ որ սկիզբէն է: Գրեցի ձեզի, երիտասարդնե՛ր, որովհետեւ դուք ուժեղ էք, եւ Աստուծոյ խօսքը կը բնակի ձեր մէջ, ու յաղթեցիք Չարին:
15Մի՛ սիրէք աշխարհը, ո՛չ ալ ինչ որ աշխարհի մէջ է:
16Եթէ մէկը կը սիրէ աշխարհը, Հօրը սէրը չկայ իր մէջ. որովհետեւ ամէն ինչ որ աշխարհի մէջ է՝ մարմինի ցանկութիւնը, աչքերու ցանկութիւնը եւ այս կեանքին ամբարտաւանութիւնը՝ Հօրմէն չէ, հապա այս աշխարհէն է:
17Աշխա՛րհն ալ կ՚անցնի, անոր ցանկութիւնն ալ. բայց ա՛ն որ կը գործադրէ Աստուծոյ կամքը՝ կը մնայ յաւիտեան:
18Զաւակնե՛ր, վերջին ժամն է. եւ ինչպէս լսեցիք թէ Նեռը պիտի գայ, արդէ՛ն շատ նեռեր կան. ատկէ կը գիտնանք թէ վերջին ժամն է:
19Անոնք մեր մէջէն ելան, բայց մեզմէ չէին. որովհետեւ եթէ ըլլային մեզմէ, կը մնային մեզի հետ: Բայց մեզմէ ելան, որպէսզի բացայայտուի թէ անոնք բոլորն ալ մեզմէ չէին:
20Սակայն դուք օծութիւն ունիք Սուրբէն, ու գիտէք ամէն բան:
21Չգրեցի ձեզի՝ որպէս թէ չէք գիտեր ճշմարտութիւնը, հապա՝ որովհետեւ գիտէ՛ք զայն, եւ քանի որ սուտը ճշմարտութենէն չէ:
22Ո՞վ է ստախօսը, եթէ ոչ ա՛ն՝ որ կ՚ուրանայ թէ Յիսուս՝ Քրիստո՛սն է. նեռը ա՛ն է՝ որ կ՚ուրանայ Հայրն ու Որդին:
23Ո՛վ որ կ՚ուրանայ Որդին, անիկա Հա՛յրն ալ չունի. (բայց ա՛ն որ կը դաւանի Որդին, անիկա Հա՛յրն ալ ունի:)
24Ուրեմն ի՛նչ որ լսեցիք սկիզբէն՝ թող բնակի ձեր մէջ. եթէ ձեր մէջ բնակի ի՛նչ որ սկիզբէն լսեցիք, դո՛ւք ալ պիտի բնակիք Որդիին մէջ ու Հօրը մէջ:
25Եւ սա՛ է այն խոստումը՝ որ ինք տուաւ ձեզի, այսինքն՝ յաւիտենական կեանքը:
26Գրեցի ձեզի այս բաները՝ ձեզ մոլորեցնողներուն համար:
27Այն օծութիւնը որ ստացաք իրմէ՝ կը բնակի ձեր մէջ. ուստի պէտք չկայ որ մէկը սորվեցնէ ձեզի: Իսկ քանի որ այդ նոյն օծութիւնը կը սորվեցնէ ձեզի ամէն բան, ու ճշմարիտ է եւ ո՛չ թէ սուտ, ի՛ր մէջ բնակեցէք՝ ի՛նչպէս ան սորվեցուց ձեզի:
28Ուրեմն հիմա, որդեակնե՛ր, բնակեցէ՛ք իր մէջ, որպէսզի երբ ինք երեւնայ՝ համարձակութիւն ունենանք, ու չամչնանք իրմէ իր գալուստին ատենը:
29Եթէ գիտէք թէ ինք արդար է, կ՚ըմբռնէք թէ ո՛վ որ արդարութիւն կը գործէ՝ իրմէ ծնած է: